2015-10-26 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 26 հոկտեմբերի գործունէութիւնը` Գնչու Հասարակութեան հետ հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 26 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան` Ֆրանչիսկոս  Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաղդէացի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները գլխաւորութեամբ Քաղդէացի եկեղեցւոյ Պատրիարք Գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ` Քահանայապետական Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Զինուորական Մատրանապետերուն` միջազգային մարդասիրական իրաւունքի հայող Դ կազմաւորումի դասընթացքի մասնակցողներուն։

Ժամը 11,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ` գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովութեան քահանայապետական խորհուրդին կողմէ կազմակերպած ''գնչուներու համաշխարհային ուխտագնացութեան'' մասնակցող 7000 գնչուներուն ։

Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր վերակոչելու համար Երանելի Պօղոս Զ Պապի 26 Սեպտեմբեր 1965-ին Pomezia-ի` գնչուներու ճամբարին կատարած պատմական այցելութեան 50 ամեակը։ Այդ այցելութեան ընթացքին երջանկայիշատակ քահանայապետը թափառաշրջիկները որակած էր ''մշտական ուխտաւորներ''։

Այս առթիւ անոնց արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ներկաները ''որոնք ժամանած են հեռաւոր վայրերէն '' շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց միասնաբար յիշատակելու համար Պօղոս Զ քահանայապետի այցելութեան յիսնամեակը մէջբերելով Երանելի քահանայապետին խօսքերը ''Որտեղ ալ որ կանգ առնէք ձեզ որպէս օտարական կ՛ընդունին բայց այստեղ ոչ, հոս կը գտնէք մէկ մը որ ձեզ կը սիրէ, կը յարգէ ու կը գնահատէ''։

Այդ օրէն մինչեւ այսօր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, վկաներ դարձանք մեծ յեղաշրջումներու ըլլայ աւետարանութեան մարգէն ներս ըլլայ ձեր հասարակութիւններու մարդկային­, ընկերային ու մշակութային զարգացումի ասպարէզէն ներս ու այս ի յայտ կու գայ նաեւ ձեր հասարակութիւններէն յառաջ եկած քահանայական կոչումներէն որոնք ապա դարձած են  երկու մշակոյթներու միջեւ միջնորդներ որոնցմէ կը պահանջուի աւետարանութեան առաւել վկայութիւն։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց Գնչու հասարակութիւններու մտահոգութիւններուն ու ապրած դժուարութիւններուն որոնց ''ականատես եղայ- ըսաւ Ան - այցելելով ձեր ճամբարները'' ուր կ՛ապրիք խեղճ պայմաններու մէջ որոնք կը հակասեն ամէն մարդու արժանավայել կեանքի իրաւունքը­... պատշաճ աշխատանք, առողջապահական խնամակալութիւն եւ ուսում։

Սրբազան Հայրը հաստատեց ապա թէ կարելի է կառուցել խաղաղ համակեցութիւն զանազան մշակոյթներու եւ աւանդութիւններու միջեւ  որոնցմէ ամէն մին պահպանէ իր իւրայատկութիւնները ունենալով բաց երկխօսութիւն։ ''Չենք ուզէր այլեւս ականատես ըլլալ մարդկայնական ողբերգութիւններու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը  հրաւիրելով գնչու ժողովուրդը նոր թափ տալու ու նոր պատմական էջ մը բանալու, ուր գերազանցուին նախապաշարումներն ու խտրականութիւնը եւ ողորմութեան հոգիով յարգուին մարդկային արժէքները։ Ան ապա խրախուսեց ներկաները յանձնառու ըլլալու այս ուղղութեամբ։

''Սիրելի բարեկամներ առիթ մի տաք լրատուամիջոցներուն գէշ արտայայտութիւններ ունենալու ձեր նկատմամբ։ Դուք ձեր ներկային ու ապագային դերակատարներն էք ու բոլոր քաղաքացիներուն նման կրնաք սատարել ընկերութեան բարգաւաճումին յարգելով օրէնքները ու կատարելով ձեր պարտականութիւնները'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ օրէն անդրադառնալով երիտասարդներուն ու անոնց դերակատարութեան ու անոնց ուսմունք ապահովելու կարեւորութեան նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն կողմէ։

Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Բազմաթիւ անգամներ` Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ ձեզի հաւաստիացուցին եկեղեցւոյ  մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը մինչ Պօղոս Զ քահանայապետ այս խօսքերը ուղղած էր ձեզի ''Դուք տեսակէտով մը Եկեղեցւոյ կեդրոնն ու սիրտն էք'' ու այս սրտին մէջ կայ Մարիամը` գնչուներու Տիրամայրը, Անոր ու Երանելի Զէֆֆերինոյին կը յանձնեմ ձեզ,  ձեր ընտանիքները ու ձեր ապագան։ Ու ձեզմէ կը խնդրեմ բարեհաճիք աղօթել ինծի համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.